ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ

Սիրելի՛ փոքրիկներ եւ պատանիներ.

ՓԹԻԹ-ի կայքը կը շարունակէ իր առաքելութիւնը եւ պարբերաբար նոր նիւթեր ու խաղեր կը հրամցնէ ձեզի, անշուշտ շնորհիւ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան ամբողջական նեցուկին ու ֆինանսաւորումին։

Սիրելինե՛ր, ուրախ ենք, որ կը սիրէք ՓԹԻԹ-ի կայքը եւ յաճախ կ՚այցելէք, կարդալու համար առակներն ու պատմութիւնները եւ մանաւանդ՝ խաղալու համար բազմաբնոյթ ներգործուն խաղերը։ Որքան ալ մենք կայքին վիճակագրական տուալներէն տեղեակ ըլլանք,որ ձեր գլխաւոր նախընտրութիւնը լեզուական խաղերու բաժինն է, սակայն կը փափաքինք նաեւ, որ դուք Contact us բաժինին միջոցով կապ պահէք մեզի հետ եւ արտայայտէք ձեր նախընտրութիւներն ու կարծիքները կայքին առնչութեամբ, նաեւ եթէ առաջարկներ ունիք այլ խաղերու մասին, մեր կարելիութան սահմաններուն մէջ, ուրախութեամբ կ՚ընդառաջենք ձեր խնդրանքներուն։

Վստահաբար տեղեակ էք, թէ ՓԹԻԹ ունեցաւ իր app-ը (անվճար) եւ եթէ տակաւին download չէք ըրած, կը թելադրենք որ ընէք Play store-էն կամ App Store-էն, որովհետեւ հոն խաղերը երկու մակարդակով տրուած են եւ դուք ձեր տարիքին համաձայն կրնաք ընտրել ձեր նախընտրած մակարդակը։ Նաեւ app-ին մէջ իւրաքանչիւր բաժին ունի իրեն յատուկ երաժշտութիւնը եւ կրնաք խաղալու ընթացքին միաժամանակ ունկնդրել եղանակները եւ հաճելի ու օգտակար ժամանակ անցընել։