ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՓԹԻԹ-ի այս թարմացումին թեման նկարչութիւնն է կամ նկարչական արուեստը։

Նկարչութիւնը շատ հին եւ անսահման արուեստի ճիւղ մըն է, հին՝ որքան մարդկութեան պատմութիւնը եւ անսահման՝ որքան մարդու երեւակայութիւնը։ Պատմագէտներ եւ մարդաբաններ* կը փորձեն նկարչութեան միջոցով կամ անոր ընդմէջէն ուսումնասիրել մշակոյթներն ու քաղաքակրթութիւնները, իսկ արուեստաբաններ՝ կը քննեն նկարչութեան զարգացման զանազան փուլերը եւ անոնց առանձնայատկութիւնները:

Սկսելով քարայրներու պատերու վրայ գծագրութիւններէն կամ ժայռապատկերներէն, որոնք գծուած են նախնական մարդուն (նախամարդուն) կողմէ, մինչեւ մեր օրերը, մարդ արարածը միշտ փորձած է եւ կը փորձէ նկարչութեան միջոցով պատկերել մարդկային ընկերութեան առօրեան, միջավայրն ու բնութիւնը, կամ ալ կ'ուզէ գոյներով ու ձեւերով արտայայտել անձնական տպաւորութիւն մը կամ զգացում մը. այդ պատճառով կայ նշանաւոր արտայայտութիւնը, թէ «նկար մը հազար բառ կ'արժէ»։

ՓԹԻԹ-ի այս թարմացումին միջոցով պիտի ծանօթանաք, թէկուզ միայն անուններով, կարգ մը նկարիչներու նշանաւոր գործերուն, նկարչութեան առնչուած իրերու, նկարչական պատմութեան գլխաւոր հանգրուաններուն եւ կարգ մը նշանաւոր նկարիչներու վերաբերեալ հետաքրքրական տեղեկութիւններու։

Կը յուսանք, որ սա առիթ կ'ըլլայ ոչ միայն որոշ բաներ իմանալու նկարչութեան մասին, այլեւ կ'արթնցնէ ձեր հետաքրքրութիւնը արուեստի այս անսահման աշխարհին հանդէպ ու դուք օգտուելով համացանցի հսկայ հնարաւորութիւններէն, կը պրպտէք ու աւելին կ'իմանաք նկարչութեան մասին՝ ոչ միայն զարգացնելով ձեր գիտելիքները, այլեւ գեղարուեստական ճաշակը:

Ուրեմն՝ բարի վայելում: