ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ

Համակարգիչը

Համակագիչը ելեկտրոնիք մեքենայ մըն է, որ տեղեկութիւն կ’ընդունի, կ’ամբարէ, կը մշակէ եւ կու տայ իրմէ պահանջուած գործողութեան արդիւնքը։

Համակարգիչը կրնայ զանազան պաշտօններ կատարել, ինչպէս հաշուել, տպել, տեղեկութիւններ պահել եւ այլն։

Համակարգիչին հիմնական մասերն են պաստառը, մուկը, ստեղնաշարը եւ մանաւանդ CPU-ն, որ անոր յիշողութեան կեդրոնը եւ ուղեղն է. այնտեղ կը պահուին տեղեկութիւնները եւ կը կատարուին պահանջուած գործողութիւնները։

Համակարգիչը կը նկատուի մարդկային մեծագոյն գիւտերէն մէկը եւ կը գործածուի ամէն տեղ՝ տուներու, դպրոցներու, համալսարաններու, վաճառատուներու, գործարաններու, հիւանդանոցներու, գրասենեակներու եւ պետական հաստատութիւններու մէջ։

Ներկայիս դժուար է մեր կեանքը պատկերացնել առանց համակարգիչի, որովհետեւ այն կը դիւրացնէ մեր կեանքը եւ մեզի հնարաւորութիւն կու տայ, որ բարդ գործողութիւններ կատարենք մի քանի երկվայրկեանի մէջ։ Նաեւ կարելի է զանազան խաղեր խաղալ համակարգիչի վրայ, երաժշտութիւն ունկնդրել եւ պատկերասփիւռ կամ տեսերիզ դիտել։

Սակայն, մենք պէտք է սահման դնենք անոր գործածութեան եւ գերի չըլլանք համակարգիչին, որովհետեւ այն կը սահմանափակէ մեր շարժումները եւ վնաս կը պատճառէ մեր առողջութեան, ինչպէս  նաեւ կը մեկուսացնէ մեզ մեր շրջապատէն։

Ինչպէս ամէն բանի մէջ, համակարգիչի խելացի ու չափաւոր գործածութիւնը օգտակար է: