ՓԹԻԹ-Ի ՄԱՍԻՆ

ՓԹԻԹ մանկապատանեկան պարբերաթերթը ծնունդ առած է Պէյրութի մէջ 2010 թուականին եւ տակաւին կը շարունակուի հրատարակուիլ։

Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքին նախաձեռնութեամբ ու հովանաւորութեամբ, կարելի եղաւ ՓԹԻԹ-ը համացանցի աշխարհը փոխադրել, որպէսզի աշխարհասփիւռ հայ մանուկներն ու պատանիները կարելիութիւնը ունենան օգտուելու ՓԹԻԹ-ի բազմաբնոյթ բովանդակութենէն՝ դաստիարակչական խաղերէն, բարոյալից պատմութիւններէն ու առակներէն։

ՓԹԻԹ-ի գլխաւոր բաղկացուցիչ տարրը զանազան բնոյթի խաղերն են՝ լեզուական, թուաբանական, ժամանցի եւն.։Մենք կը հաւատանք, որ խաղը դաստիարակչական մեծ ներուժ եւ կարողականութիւն ունի. այն, ինչ որ դժուար է սորվեցնել դասական ձեւերով, կարելի է, շատ աւելի հեշտօրէն, սորվեցնել խաղերու միջոցով։ Այսպիսով, լեզուական խաղերու նպատակն է պատանիներուն հայերէնի բառամթերքը հարստացնել, իսկ թուաբանական խաղերունը՝ տրամաբանութիւնը մշակել եւ միաժամանակ օգտակար ու հաճելի ժամանց պարգեւել։

ՓԹԻԹ կը յատկանշուի նաեւ խնամքով ընտրուած պատմուածքներով եւ առակներով. Անոնք թէեւ կարճ են, սակայն անպայման ունին բարոյական պատգամ մը։ Այսինքն երբ կարդաք զանոնք, ոչ միայն պիտի օգտուիք անոնց հրամցուցած մաքուր արեւմտահայերէնէն, այլեւ՝ բարոյական պատգամներէն։ Իսկ յօդուածները, ապա անոնք զանազան բնոյթի են, ուր առաւելաբար կը շեշտուին ազգային ու առողջապահական նիւթեր։

Իսկ ՓԹԻԹ անունը ի՞նչ կը նշանակէ։ Փթիթ մաքուր հայերէն բառ մըն է, որ կը նշանակէ ծաղկում։ Հետեւաբար ՓԹԻԹ-ը կ՛օգնէ, որ իր մանուկ թէ պատանի ընթերցողները հայօրէն ծաղկին, ունենան բարոյական վեհ սկզբունքներ, ինչպէս նաեւ՝մայրենի լեզուի հարուստ բառապաշար։

2022-ին, դարձեալ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքին հովանաւորութեամբ ՓԹԻԹ-ի կայքը բարեփոխուեցաւ։ Երեք նոր բաժիններ՝ գիտական, պատմական եւ աշխարհագրական աւելցան եւ լսատեսողական բարեփոխումներ կատարուեցան։ Իսկ գլխաւոր նորութիւնը եղաւ իւրաքանչիւր թարմացումի յատուկ թեմայի մը որդեգրումը։

Իսկ 2024-ին ՓԹԻԹ-ի կայքին վրայ երեք հետաքրքրական նորութիւններ աւելցան։
Առաջինը՝ կայքին մայր էջին վրայ SEARCH «փնտռել»-ու կոճակ մը աւելցաւ, որով այցելուն կրնայ համապատասխան տուփիկին մէջ գրել զինք հետաքրքրող բառը եւ տեսնել կայքին վրայ այդ բառը կամ նիւթը պարունակող բոլոր յօդուածները, խաղերը եւ այլն։

Երկրորդ նորութիւնը այն է, որ կայքի մայր էջին վրայ աւելցաւ DOWNLOAD PDF-ի կոճակը. որեւէ խաղի կամ պատմուածքի PDF ձեւաչափը փափաքողը այլեւս պիտի կարենայ ստանալ զայն ամբողջացնելէ ետք տուեալ հարցաթերթիկը։

Նաեւ կայքի մայր էջին վրայ թեմաներու բաժին մը աւելցաւ, որպէսզի այցելուն զինք հետաքրքրող որեւէ թեմայի առնչուած բոլոր նիւթերը դիւրաւ կարենայ տեսնել։
Վերոյիշեալ բոլոր բարեփոխումները կատարուեցան դարձեալ Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքի հովանաւորութեամբ եւ նիւթաբարոյական ամբողջական նեցուկով։

Բարի եկած էք ՓԹԻԹ-ի կայքը։ Ձեզի կը մաղթենք բարի վայելում եւ բարի ժամանց։