ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐԸ

 

Սիրելինե՛ր,

ՓԹԻԹ-ի այս թարմացումի նիւթն է մանուկներու իրաւունքները։ Մանուկներու եւ պատանիներու առողջ աճումն ու զարգացումը շատ կարեւոր է որեւէ ընկերութեան ապագային համար, հետեւաբար, եթէ մանուկներու իրաւունքները յարգուին ընկերութեան մէջ, այդ ընկերութիւնը կ'ըլլայ շատ աւելի առողջ եւ արդիւնաւէտ։

Մանուկներու գլխաւոր իրաւունքներն են.-

  • Ինքնութեան եւ հպատակութեան իրաւունք,
  • Ընտանիք ունենալու եւ հոգատարութիւն ստանալու իրաւունք,
  • Սննդառութեան եւ պատսպարանի իրաւունք,
  • Բժշկական խնամքի իրաւունք,
  • Ուսման, զարգացումի եւ մտածումի ազատութեան իրաւունք,
  • Պաշտպանութեան իրաւունք բոլոր տեսակի բռնութենէ, անտեսումէ կամ չարաշահումէ,
  • Մշակութային եւ ստեղծագործական գործունէութիւններու մասնակցելու իրաւունք,
  • Հաւասարութեան իրաւունք՝ առանց ցեղային, կրօնական կամ այլ բնոյթի խտրականութեան,

Մանուկներու վերոյիշեալ իրաւունքները հաստատուած են Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան կողմէ յատուկ պայմանագիրով (convention) մը 1989-ին։

Հայաստանի մէջ Երեխաներու* իրաւունքներու մասին պայմանագիրը վաւերացուած է 1990-ին, իսկ 1996-ին, ընդունուած է «Երեխայի իրաւունքներու մասին» Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքը: