ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ

Back

Սիրելի՛ փոքրիկներ եւ պատանիներ.

Որոշ դադարէ մը ետք դարձեալ կը շարունակենք ՓԹԻԹ-ի կայքի թարմացումը կամ նոր նիւթերու յաւելումը, շնորհիւ Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան Հայկական բաժանմունքի պատասխանատուներուն շարունակական նիւթաբարոյական նեցուկին։

ՓԹԻԹ-ի կայքը հետզհետէ կը փթթի եւ վիճակագրական տուեալներէն կը նկատենք, որ տարբեր երկիրներէ նոր այցելուներ անընդհատ մուտք կը գործեն կայք, ինչ որ մեծ գոհունակութիւն կը պատճառէ մեզի։ Նոյն տուեալները ցոյց տուին, որ հետաքրքրուած էք գլխաւորաբար լեզուական խաղերով, որոնք հայերէն սորվելու հաճելի ու գործնական ձեւ մը կը նկատուին։

Առ այդ, որոշեցինք այսուհետեւ լեզուական խաղերու համեմատութիւնը աւելցնել, որպէսզի ՓԹԻԹ-ի այս կայքը առաւելագոյնս ծառայէ պատասխանատուներուն եւ հովանաւոր Գ. Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան ակնկալութիւններուն ու նպատակին։