ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՏԻԵԶԵՐՔ - ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ

 

ՓԹԻԹ-ի այս թարմացումի նիւթն է տիեզերքը։

Տիեզերքը (universe) ամբողջութիւնն է այն բոլոր երկնային մարմիններուն (celestial bodies), որոնք գոյութիւն ունին անջրպետին* մէջ։ Տիեզերքը այնքա՜ն ընդարձակ է, որ կարելի չէ պատկերացնել անոր մեծութիւնը։ Գիտնականները կը հաւատան, թէ տիեզերքը կազմուած է մեծ պայթումէ մը ետք, որ կը կոչուի Պիկ պենկ (Big Bang)։ Պայթումէն բաւական ետք կազմուած են աստղերը՝ ինչպէս արեւը։ Տիեզերքի ստեղծման լայն տարածում ունեցող վարկած* է նաեւ Աստուածաշունչի պատումը, թէ ինչպէս Աստուած ստեղծեց երկինքն ու երկիրը:

Տիեզերքը կը բաղկանայ բազմաթիւ աստղախումբերէ, որոնք բաղկացած են միլիառաւոր աստղերէ։ Արեգակնային դրութիւնը, որուն մէջ է Երկիր մոլորակը, Ծիր կաթին (Milky Way) կոչուող աստղախումբին մաս կը կազմէ։ Արեգակնային դրութեան կեդրոնը արեւն է, որուն շուրջ կան երկնային մարմիններ, ինչպէս մոլորակներ, արբանեակներ, գիսաւոր աստղեր եւ երկնաքարեր։

Աստղերը կազի բոցավառող հսկայական գունդեր են։ Արեւը միջակ չափի աստղ մըն է, որ երկրին ուժ եւ ջերմութիւն կու տայ եւ կեանքը կարելի կը դարձնէ Երկրի վրայ։

Մոլորակները գնդաձեւ* մարմիններ են, որոնք արեւուն շուրջ կը դառնան։ Արեգակնային դրութեան մէջ 8 մոլորակներ կան։ Երկիրն ալ մոլորակ մըն է, ուր կեանք կայ։

Արբանեակները մարմիններ են, որոնք մոլորակներու շուրջ կը դառնան։ Ասոնք կրնան բնական ըլլալ կամ մարդոց կողմէ շինուած։ Լուսինը Երկիր մոլորակին միակ բնական արբանեակն է։ Մարդիկ արհեստական* արբանեակներ կը ղրկեն տիեզերք, որպէսզի ուսումնասիրեն մոլորակները, երկրին կլիման եւ այլն: Անոնք նաեւ կը ծառայեն երկիրներու միջեւ արագ հաղորդակցութիւն* հատատելու։

Գիսաւոր աստղերը (comets) սառոյցի եւ ժայռի կտորներ են։ Երբ գիսաւոր աստղերը արեւուն մօտենան, իրենց մակերեսի սառոյցը կը շոգիանայ կազմելով լուսաւոր ամպ մը եւ երկար պոչ մը։

Երկնաքարերը (meteors) անջրպետի մէջ մարմիններ են, որոնք Երկրին ձգողական ուժին պատճառով, երբ մտնեն Երկրի մթնոլորտին* մէջ, ընդհանրապէս կ'այրին եւ կը տարբաղադրուին*։ Ասոնց մեծերը (meteorites) հազուադէպ կը հասնին մինչեւ Երկիր եւ կը ջախջախուին անոր մակերեսին վրայ։