ԱՌՈՂՋԱՊԱՀԱԿԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՒՌԻՆ ԲԱԶՄԱԹԻՒ ԵՒ ԱՆՄՐՑԵԼԻ ՕԳՈՒՏՆԵՐԸ

 

Նուռը կը նկատուի ամէնէն առողջարար պտուղներէն։ Ուսումնասիրութիւններ ցոյց կու տան, որ նուռին մէջ կան բազմաթիւ օգտակար նիւթեր, որոնք կարելի չէ գտնել այլ պտուղներու մէջ։

 

Թուենք նուռին օգուտները.

  • Նուռը առատօրէն կը պարունակէ կարեւոր սննդանիւթեր, ինչպէս C, E, K կենսանիւթեր, բնասպիտ (protein), բնաթելեր (fibers) եւ potassium։
  • Նուռը կը նուազեցնէ բորբոքումը, որ գլխաւոր պատճառներէն է բազմաթիւ հիւանդութիւններու, ինչպէս շաքարախտ, քաղցկեղ, աղիքային հիւանդութիւններ եւ այլն։
  • Նուռը կ'օգնէ, որ կիներ պայքարին կուրծքի քաղցկեղի դէմ, իսկ այր մարդիկ՝ փրոսթաթի քաղցկեղի դէմ։
  • Նուռը կ'օգնէ նուազեցնելու արեան ճնշումը։
  • Նուռը կ'օգնէ պայքարելու յօդային հիւանդութիւններու դէմ։
  • Նուռը կը նուազեցնէ սրտի հիւանդութիւններու հաւանականութիւնը, որովհետեւ կը բարելաւէ արեան քոլեսթերոլի մակարդակը։
  • Նուռը ունի հակաժահրային (antiviral) եւ հակամանրէական (antibacterial) յատկութիւններ։
  • Նուռը կը բարելաւէ յիշողութիւնը եւ կրնայ պաշտպանել Alzheimer-ի հիւանդութեան դէմ, որովհետեւ հարուստ է antioxidant-ներով։
  • Նուռը կ'օգնէ մեր մարզանքին, որովհետեւ կ'աւելցնէ արեան հոսքը՝ ուշացնելով յոգնածութեան զգացումը։

 

Հետեւաբար, սիրելինե՛ր, նուռին վերոյիշեալ օգուտները գիտնալէ ետք, պէտք է նուռի եղանակին անպայման նուռ ուտենք կամ նռան հիւթ խմենք։