ԱՌՈՂՋԱՊԱՀԱԿԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՇԱՔԱՐԻ ՎՆԱՍՆԵՐԸ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒ ԵՒ ՊԱՏԱՆԻՆԵՐՈՒ ԱՌՈՂՋՈՒԹԵԱՆ

 

img1 Շաքարը կամ շաքարով պատրաստուած անուշեղէններն ու խմիչքները ընդհանրապէս շատ սիրելի ու պահանջուած են մանուկներու եւ պատանիներու կողմէ։ Ծնողներ նաեւ, երբեմն իբրեւ գնահատանք, շաքարեղէնով կը վարձատրեն իրենց զաւակներն ու թոռները, ինչ որ շատ սխալ է, որովհետեւ այդ «նուէրները» զանազան վնասներ ունին եւ պէտք է գիտնալ, որ ի՛նչ քանակութեամբ շաքար կարելի է կամ արտօնուած է սպառել մէկ օրուան ընթացքին։

img2 Իբրեւ ընդհանուր օրէնք 2 – 18 տարեկան մանուկներ ու պատանիներ պէտք է օրական 25 կրամէն կամ 6 թէյի դգալէն պակաս շաքար սպառեն։ Իսկ 2 տարեկանէն վար մանուկներ բնաւ պէտք չէ շաքար սպառեն։ Այս սահմանափակումին պատճառը այն է, որ շաքարի յաւելեալ սպառումը պատճառ կը դառնայ զանազան առողջական հարցերու, ինչպէս սոնքութիւն (չափազանց գիրութիւն), շաքարախտ, ակռաներու փտութիւն եւ յարաբերաբար երիտասարդ տարիքի սրտանօթային հիւանդութիւններ։ img3

Շաքարի արտօնուած քանակի սպառումը պէտք է առաւելաբար բնական քաղցրութիւն պարունակող պտուղներով ըլլայ, քան՝ արուեստականօրէն քաղցրացած պտուղի հիւթերով կամ զանազան տեսակի քաղցրաւենիքով, որոնք ոչ մէկ օգուտ ունին։ Իսկ կազային ըմպելիները բացարձակապէս յանձնարարելի չեն, որովհետեւ մէկ գաւաթը շուրջ 10 դգալ շաքար կը պարունակէ, ինչ որ օրական արտօնուած շաքարի քանակէն աւելի է։

Հետեւաբար, սիրելինե՛ր, փորձեցէք կարելի եղածին չափ քիչ եւ միայն առիթներով վնասակար շաքար սպառել, որպէսզի ըլլաք առողջ ու բարեձեւ։