ԱՌՈՂՋԱՊԱՀԱԿԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ
Քաֆէինի Ազդեցութիւնը Մանուկներու եւ Պատանիներու Առողջութեան Վրայ
Քաֆէինը գրգռիչ նիւթ մըն է, որ կ՚ազդէ թէ՛ փոքրիկներուն եւ թէ՛ չափահասներուն ջղային դրութեան վրայ։ Քիչ քանակութեամբ սպառելու պարագային, կարելի է աւելի արթուն ու աշխոյժ զգալ։ Սակայն մեծ քանակութեամբ քաֆէինի սպառումը ունի հետեւեալ ժխտական ազդեցութիւնները.
-
Ջղային վիճակ,
-
Ստամոքսի անհանգստութիւն,
-
Գլխացաւ,
-
Քնանալու դժուարութիւն,
-
Արեան ճնշումի բարձրացում,
-
Մարմնի ջուրի նուազում,
-
Սրտի տրոփումի անկանոնութիւն եւ յաւելում։



Քաֆէինը կը գտնուի սուրճի, թէյի, տուրմի եւ սոտաներու կամ կազային խմիչքներու մէջ։Մանուկներու եւ պատանիներու պարագային քաֆէինի վտանգը կը յառաջանայ այս վերջիններէն, որովհետեւ անոնք սուրճ կամ թէյ աւելի քիչ կը խմեն. Անոնց համար քաֆէինի գլխաւոր աղբիւրը կազային խմիչքներն են։
