ԱՌՈՂՋԱՊԱՀԱԿԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ

Ապականութեան պատճառած վնասները մեր առողջութեան



Խմբագրական յօդուածին մէջ ծանօթացանք ապականութեան տեսակներուն. հիմա պիտի տեղեկանանք իւրաքանչիւրին պատճառած առողջական վնասներուն։

Օդի ապականութիւնը կը պատճառէ քաղցկեղ, սրտի հիւանդութիւններ եւ շնչառական լուրջ հարցեր՝ նոյնիսկ մանուկներու համար։

Ջուրի ապականութիւնը կը պատճառէ լեարդի հիւանդութիւններ, հնդկախտ (cholera), ժանտատենդ (typhoid), մանկական անդամալուծութիւն (polio) եւ փորհարութիւն։

Հողի ապականութիւնը կը պատճառէ քաղցկեղ, անպտղութիւն*, երիկամունքի եւ լեարդի ծանր հիւանդութիւններ։

Իսկ աղմուկի ապականութիւնը կը պատճառէ գլխու ցաւ, գերճնշում*, լսողութեան դժուարութիւններ, ինչպէս նաեւ տրամաբանելու եւ վարուելակերպի փոփոխութիւններ։

 

Ի՞նչ կրնանք ընել ապականութիւնը պակսեցնելու համար։

  • Կրնանք ինքնաշարժ քիչ քշել, փոխարէնը օգտուելով հանրային փոխադրամիջոցներէ կամ հեծանիւէ։
  • Կրնանք կերպընկալի (plastic) օգտագործումը սահմանափակել յաճախակի գործածութեան լաթէ տոպրակներ գործածելով:

Կրնանք վերօգտագործել եւ վերամշակել (reuse, recycle) զանազան նիւթեր:

  • Կրնանք ծառեր տնկել` փոխան կտրելու. այդպիսով մեծ օգտակարութիւն կ'ունենանք օդի մաքրութեան, քանի որ ծառերը թթուածին կ'արտադրեն:
  • Կրնանք ելեկտրականութիւն խնայել, տան մէջ լոյսեր վառած չձգելով, ջրատաքացուցիչը կամ վառարանը մեղմ աստիճանի դնելով:
  • Կրնանք սիկարէթ չծխել, քանի որ ծխախոտը ոչ միայն մեր, այլեւ մեր շուրջը գտնուողներուն առողջութեան վնաս է:
  • Կրնանք բարձր երաժշտութիւն չունկնդրել, ոչ միայն չնեղացնելու համար տնեցիները կամ դրացիները, այլեւ մեր լսողութեան վնաս չհասցնելու համար։


Փորձեցէք եւ պիտի տեսնէք թէ մի քանի օրէն այս օգտակար արաքները բարի սովորոյթ* պիտի դառնան ձեզի ու մեծապէս պիտի գնահատուիք եւ բարի օրինակ ըլլաք ուրիշներու: