«Կրնամ քնանալ փոթորկոտ գիշերները»
Ատլանտեան ովկիանոսի ափին ագարակ մը կար: Ագարակապանը՝ պարոն Ճէյմս,
կը բուծանէր* զանազան կենդանիներ:
Գործը շահաւէտ* էր,
քանի որ անոր կենդանիներուն հռչակը տարածուած էր ամէնուր*:
Ճէյմսին միակ մտահոգութիւնը գործաւոր գտնելն էր:
Հարցը այն էր, որ ագարակը, գտնուելով ճիշդ ովկիանոսի ափին՝ բարձր ժայռի մը վրայ, բոլոր եղանակներուն կ’ենթարկուէր սաստիկ փոթորիկներու,
որոնք սարսափելի կը դառնային մանաւանդ ձմեռները: Ով որ գար աշխատելու, քանի մը ամիսէն կը հրաժարէր, որովհետեւ փոթորիկի տակ աշխատիլը անկարելի էր:
Որքան ալ բարձր վարձատրութիւն* եւ
հանգստաւէտ* պայմաններ խոստանար, կը ստանար անընդհատ մերժումներ։
Օր մը, երբ Ճէյմս մտահոգ կը դիտէր երկինքին մէջ, հեռուն՝
ովկիանոսին վրայ կուտակուող* ամպերը,
նիհար երիտասարդ մը մօտեցաւ ագարակին։
– Բարե՛ւ, անունս Մայք է, լսեցի որ ագարակի մէջ աշխատող օգնականի պէտք ունիք, ճի՞շդ է:
Ճէյմս ոտքէն գլուխ չափեց երիտասարդը, միտքէն ըսելով, որ այսքան նիհար մէկը առաջին անգամ ինք կը թռի երբ փոթորիկը ելլէ, սակայն, քանի որ անպայման պէտք ունէր օգնականի, ըսաւ.
– Փորձառու*
ու պարտաճանաչ* աշխատո՞ղ ես:
– Կրնամ քնանալ փոթորկոտ գիշերները,– ըսաւ երիտասարդը, հանդարտօրէն դիտելով շուրջը եւ հաւաքուող ամպերը:
«Աս ի՛նչ տարօրինակ պատասխան է» մտածեց Ճէյմս, բայց քանի որ անմիջական* օգնութեան պէտք ունէր, գործի առաւ զայն։
Երիտասարդը, սակայն, շատ լաւ եւ լուռ ու մունջ կ’աշխատէր. առտուընէ մինչեւ գիշեր զբաղած էր, եւ Ճէյմս գոհ էր անոր աշխատանքէն։
Գիշեր մը ուժգին քամի մը սկսաւ մօտենալ ովկիանոսէն:
Նախ զօրաւոր սուլոց մը լեցուց օդը, որ հետզհետէ* վերածուեցաւ մոլեգին աղմուկի։
Ճէյմս անկողինէն թռաւ, լապտեր* մը առաւ եւ վազեց Մայքի տնակը, որ կը գտնուէր ագարակին մէկ ծայրը։
Դուռը բանալով մօտեցաւ Մայքի անկողինին եւ ուժգին ցնցելով զայն, պոռաց.
– Մա՛յք, շու՛տ արթնցիր, փոթորիկ կը մօտենայ, պէտք է ամէն ինչ կապենք, ամուր ծածկենք, բոլոր դուռերը ամրացնենք, արա՜գ, արա՜գ, ժամանակ չկայ:
Մայք, աչքերը կէս բանալով ըսաւ.–
– Պարո՛ն, բայց քեզի ըսած եմ, որ ես հանգիստ կը քնանամ փոթորկոտ գիշերները։ Այս ըսելով կռնակը դարձուց Ճէյմսին ու շարունակեց իր քունը:
Գիւղացին սաստիկ զայրացաւ* այս պատասխանէն,
ուզեց անպայման բռնի դուրս հանել զայն անկողինէն ու գործի լծել*, բայց ժամանակ չկար:
– Վաղը հաշիւդ կը տեսնեմ,– ըսաւ,– ուրկէ որ եկար հոն ալ կ’երթաս, պակաս ըլլայ քեզի պէս օգնականը: Ձայն-ձոյն չելաւ Մայքէն, մշիկ-մշիկ կը քնանար:
Ճէյմս դուրս վազեց պատրաստուելու փոթորիկին։ Ի զարմանս իրեն, տեսաւ որ խոտի բոլոր դէզերը
պատուած*
էին ծածկերով*։
Ցանկապատը ամուր էր,
տանիքի թիթեղները անշարժ, մարագին*,
գոմին* եւ հաւնոցներուն դուռերը ամուր գոցուած,
իսկ պատուհաններուն փեղկերը շատ լաւ կապուած էին։
Ամէն ինչ ապահով էր։ Փոթորիկը սկսած էր, բայց ագարակը անվնաս էր:
Ճէյմս այն ատեն միայն հասկցաւ, թէ ինչ կը նշանակէր Մայքին խօսքը, թէ ինք հանգիստ կը քնանար փոթորկոտ գիշերները:
Զղջաց, որ կասկածեր էր անոր պարտաճանաչութեան, ու ինք ալ վերադարձաւ անկողին եւ հանդարտօրէն քնացաւ:
Փոթորիկը կ’ոռնար* դուրսը, բայց արդէն չէր կրնար անոր հանգիստը խանգարել: