ԳԻՏԵ՞Ս ԳՈՐԾԻՆ ՄԱՍՆԱԳԷՏԸ


Երկրորդ սիւնակի մարդոց յաճախ կը հանդիպինք, որովհետեւ մեր կեանքին մէջ շատ պէտք կ'ունենանք անոնց: Թերեւս անոնց մէջ ընտանիքի անդամներ ալ կան: Յիշենք որ հայկական առածը կ'ըսէ «արհեստը ոսկի ապարանջան է», այսինքն լաւ մասնագէտը միշտ յարգի է: Ուստի առաջին սիւնակի գործերը կապելով երկրորդին, փորձենք գիտնալ, թէ իւրաքանչիւր գործ ո՛վ կը կատարէ:

Կօշիկ կը նորոգէ
Հիւանդ կը դարմանէ
Հագուստ կը կարէ
Պատ կը շարէ
Ակռայ կը դարմանէ
Հաց կը թխէ
Մատանի կը շինէ
Կահ-կարասի կը շինէ
Շէնք կը գծէ
Կերակուր կ՝եփէ
 
բժիշկ
փռապան
որմնադիր
ճարտարապետ
դերձակ
ատամնաբոյժ
խոհարար
ոսկերիչ
ատաղձագործ
հնակարկատ