ԽՈՏԻՆ ԳՈՅՆԸ

Օր մը Էշը Վագրին կ՚ըսէ․
– Խոտը կապոյտ է։
Վագրը կը պատասխանէ․
– Ո՛չ, խոտը կանաչ է։

Վիճաբանութիւնը կը սաստկանայ*, եւ անոնք կ’որոշեն դիմել կենդանիներու թագաւորին՝ Առիւծին։ Դեռ անոր գահին* չմօտեցած, Էշը կը սկսի աղաղակել․
– Նորի՜ն Մեծութիւն*, ճի՞շդ է, որ խոտը կապոյտ է։
– Այո՛, ճիշդ է։ Խոտը կապոյտ է,– կը պատասխանէ Առիւծը:
Էշը քաջալերուելով Առիւծին պատասխանէն, կը շարունակէ․
– Վագրը համաձայն չէ ինծի եւ այդ պատճառով կը ջղայնացնէ զիս։ Կը խնդրեմ, որ պատժէք զինք։
Այդ ատեն թագաւորը կը յայտարարէ․ «Վագրը հինգ շաբթուան լռութեան կը դատապարտուի*»։

Էշը գոհունակութեամբ* կը հեռանայ՝ շարունակ կրկնելով․ «Խոտը կապոյտ է, խոտը կապոյտ է»։
Վագրը կը հարցնէ Առիւծին․
– Տէ՛ր արքայ, Մի՞թէ խոտը կանաչ չէ։
Առիւծը կը պատասխանէ․
– Իրաւացի* ես, խոտը կանաչ է։
– Ուրեմն ինչու՞ զիս կը պատժէք,– կ’ըսէ Վագրը զարմացած:
Առիւծը կը պատասխանէ․ «Պատիժդ կապ չունի խոտին գոյնին հետ:

Պատժուեցար, որովհետեւ քեզի պէս խիզախ* եւ խելացի արարած մը ժամանակ պէտք չէ կորսնցնէ իշու մը հետ վիճաբանելով, եւ ի լրումն* անոր՝ ինծի ալ անհանգստութիւն պատճառէ այդպիսի անիմաստ հարցով մը»։

Երբէք ժամանակ մի՛ կորսնցնէք անիմաստ վէճերու վրայ։