ԱՌՈՂՋԱՊԱՀԱԿԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ
Նախաճաշին Անհրաժեշտութիւնը
Բոլորիս ծանօթ է, որ աշակերտներ, երբ առտու կանուխ արթննան, ընդհանրապէս չեն ուզեր նախաճաշել եւ գրեթէ անօթի դպրոց կ’երթան,
ուր հազիւ առաջին զբօսանքին է որ սանտուիչ մը կամ այլ բան կ’ուտեն։
Այս երեւոյթին պատճառները յստակ են. նախ՝ աշակերտներ կը նախընտրեն նախաճաշի ժամանակ չյատկացնել, փոխարէնը՝ քառորդ ժամ աւելի քնանալ,
իսկ երկրորդ՝ աշակերտներ առաւօտ կանուխ ախորժակ չեն ունենար կանոնաւոր նախաճաշ ընելու։ Այս պատճառները հասկնալի են,
սակայն եթէ գիտնաք թէ նախաճաշը որքա՛ն կարեւոր է, թերեւս մտածէք ձեր սովորութիւնը փոխելու մասին։
Սիրելինե՛ր, առաջին հերթին պէտք է գիտնաք, թէ ինչպէս որ ինքնաշարժը վառելանիւթի պէտք ունի աշխատելու համար, նոյնպէս ալ մարդկային մարմինը,
յատկապէս ուղեղը, սնունդի պէտք ունի լաւ աշխատելու համար։
Ենթադրենք թէ աշակերտ մը երեկոյեան ժամը 7-էն 8-ի միջեւ ընթրեց, եւ եթէ առտուն բան մը չկերաւ եւ սպասեց մինչեւ ժամը 10-ի զբօսանքը,
իր ստամոքսը շուրջ 15 ժամ պարապ մնացած պիտի ըլլայ, իսկ մարմինն ալ՝ առանց անհրաժեշտ սնունդի։ Բնականաբար, այս երեւոյթը իր ժխտական անդրադարձը պիտի ունենայ
աշակերտին առողջութեան վրայ, յատկապէս անոր կեդրոնացումին ու ըմբռնելու կարողութեան վրայ։
Ուսումնասիրութիւններ ցոյց կու տան հետեւեալ երեւոյթները.
- Նախաճաշ ընող աշակերտներ երկար ժամանակ անօթի չեն զգար եւ աւելի լաւ կը կեդրոնանան դասերուն վրայ։
- Նախաճաշին սննդարար ուտելիքներ ուտող աշակերտները աւելի քիչ կը բացակային դպրոցէն:
- Նախաճաշին սննդարար ուտելիքներ ուտող աշակերտները աւելի քիչ կը փորձուին վնասակար բաներ ուտել, հետեւաբար յաւելեալ կշիռք ունենալու հարց կամ մտահոգութիւն չեն ունենար։
Ուրեմն, սիրելի՛ աշակերտներ, եթէ սովորաբար նախաճաշ չէք ըներ, ատենն է որ փորձէք փոխել այդ ոչ-առողջապահական սովորութիւնը եւ, նուազագոյնը, սննդարար ուտելիք մը ուտէք առտուները (թէկուզ պանան մը կամ խնձոր մը), նաեւ խմէք գաւաթ մը կաթ կամ պտուղի հիւթ։ Վստահ եղէք, որ ժամանակի ընթացքին պիտի տեսնէք նախաճաշին բարերար ազդեցութիւնը ձեր առողջութեան եւ, մանաւանդ, ձեր ուսումնական արդիւնքներուն վրայ։
Վերջապէս, կ’արժէ աւելցնել նորագոյն ուսումնասիրութեան մը արդիւնքը, որ առաջին հերթին կը շեշտէ կանուխ (Ժամը 7:30-էն առաջ) նախաճաշելու կարեւորութիւնը, սակայն կ’աւելցնէ, թէ ուշ նախաճաշելը աւելի լաւ է, քան բնաւ նախաճաշ չընելը։ Նոյն ուսումնասիրութիւնը կ’ապացուցէ, որ նախաճաշ ընող անձերը ո՛չ միայն աւելի առողջ կ’ապրին, այլեւ՝ աւելի երկար։ Հետեւաբար, ծնողներ եւս, եթէ ունին նախաճաշ չընելու յոռի սովորութիւնը, պէտք է ջանան օրինակ հանդիսանալ իրենց զաւակներուն եւ սկսին սննդարար նախաճաշ ընել առաւօտները, որպէսզի իրենց զաւակներն ալ հետեւին իրենց օրինակին։