ԱՌՈՂՋԱՊԱՀԱԿԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՊԱՆԱՆԻՆ ԲԱԶՄԱԹԻՒ ՕԳՈՒՏՆԵՐԸ

Ընդհանրապէս բոլոր պտուղները շատ օգտակար են եւ պէտք է բոլորս օրական մի քանի տեսակ պտուղ ուտենք, որպէսզի ըլլանք առողջ, բարեձեւ ու աշխոյժ։



Այս յօդուածով պիտի կեդրոնանանք պանանին ունեցած օգուտներուն վրայ եւ պիտի թուենք պանանին հիմնական 8 օգուտները.

  1. Պանանը հարուստ է բնաթելերով (fibres), ուստի կ’օգնէ որ կուշտ զգանք եւ պահանջը չզգանք շատ ուտելու։
  2. Պանանը դիւրամարս է եւ յատկապէս փոքրերուն յարմար է, որովհետեւ անոնց մարսողական համակարգը զարգացած չ’ըլլար։
  3. Պանանը հարուստ է կենսանիւթերով (vitamins), նաեւ կը պարունակէ զանազան տեսակի հանքային նիւթեր (calcium, potassium, magnesium եւ այլն), որոնք անհրաժեշտ են առողջութեան համար։
  4. Պանանը կը կանոնաւորէ արեան ճնշումը, որովհետեւ քիչ աղ եւ շատ փոթասիում կը պարունակէ, ինչ որ լաւագոյն բաղադրութիւնն է արեան ճնշումին կարգաւորումին համար։ Նաեւ պանանը կը կանխարգիլէ* կամ կը նուազեցնէ սրտային հիւանդութիւններու յառաջացումը։
  5. Պանանը օգտակար է մեր ոսկորներուն համար եւ կ’օգնէ որ ունենանք զօրաւոր ոսկորներ։
  6. Պանանը, ստեպղինին պէս օգտակար է մեր տեսողութեան համար։
  7. Պանանը կը կանխարգիլէ արիւնատութիւնը (anaemia), որովհետեւ հարուստ է երկաթով, որ անհրաժեշտ է արեան կարմիր գնդիկներու կազմութեան համար։
  8. Պանանը կ’աւելցնէ մեր ուղեղին կարողականութիւնը, նաեւ կը զօրացնէ մեր կեդրոնացումի կարողութիւնը։


Հետեւաբար, սիրելինե՛ր, վերոյիշեալ բոլոր օգուտներուն համար անհրաժեշտ է, որ օրական նուազագոյնը պանան մը ուտենք, որպէսզի առողջ ըլլանք եւ կանխարգիլենք զանազան բնոյթի հիւանդութիւններ։