ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐԸ

ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ

Կարդալ ամբողջութեամբ

ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐԸ

Սիրելինե՛ր,

ՓԹԻԹ-ի այս թարմացումի նիւթն է մանուկներու իրաւունքները։ Մանուկներու եւ պատանիներու առողջ աճումն ու զարգացումը շատ կարեւոր է որեւէ ընկերութեան ապագային համար, հետեւաբար, եթէ մանուկներու իրաւունքները յարգուին ընկերութեան մէջ, այդ ընկերութիւնը կ'ըլլայ շատ աւելի առողջ եւ արդիւնաւէտ։

Կարդալ ամբողջութեամբ

ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐՈՒ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՓՈՒԼԵՐԸ

Կարդալ ամբողջութեամբ

ՊԱՀՈՒԱԾ ԲԱՌԸ
ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐՈՒ ԱՌՆՉՈՒԱԾ ԲԱՌԵՐՈՒ ՄԷՋ

Եթէ կարդացիր մեր խմբագրականը, ապա արդէն բաւական գաղափար ունեցար մանուկներու իրաւունքներուն մասին:
Խաղին համար տրուած են անոնցմէ կարեւորները, որոնք ջնջելով կրնաս գիտնալ պահուած բառը, որ շատ կարեւոր բայ մըն է: Նշուած բոլոր իրաւունքները կ'օգնեն, որ մանուկը ձեռք ձգէ այդ հիմնական իրաւունքը:
Բառերը կրնաս ջնջել հորիզոնական շարքերու եւ ուղղահայեաց սիւնակներու վրայ՝ երկու ուղղութեամբ։ Իւրաքանչիւր տառ միայն մէկ անգամ կրնաս օգտագործել։
Պահուած բառը գտնելէ ետք տեղադրէ վարի տուփիկին մէջ։

Խաղալ

ԽԱՉԲԱՌ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐՈՒ ԱՌՆՉՈՒԱԾ ԲԱՌԵՐՈՎ

Այժմ, «Պահուած բառ» խաղին բառերը վերաքաղենք այս խաչբառին մէջ:

Խաղալ

ԿՐՆԱ՞Ս ԸՆՏՐԵԼ ՃԻՇԴ ՊԱՏԱՍԽԱՆԸ

Հետեւեալ հարցումներէն իւրաքանչիւրին տրուած է 3 հաւանական պատասխան։ Փորձէ՛ ընտրել ճիշդը։

Խաղալ

ՈՒՂՂԱԳՐԱԿԱՆ ԽԱՂ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒ ԶԳԱՑԱԿԱՆ ԿԱՐԻՔՆԵՐՈՒ ԱՌՆՉՈՒԱԾ ԲԱՌԵՐՈՎ

Ամբողջացո՛ւր հետեւեալ բառերուն պակսող տառերը ընտրելով կողքին տրուած տառերէն ճիշդը։

Խաղալ

ՏԱՐԲԵՐՈՒԹԵԱՆ ԽԱՂ

Առաջին նայուածքով երկու խաղավայրերն ալ իրարու կը նմանին, չէ՞: Մի՛ աճապարեր «այո» ըսելու, քանի որ անոնք իրարմէ կը տարբերին 7 բանով: Կրնա՞ս գտնել 7 տարբերութիւնները։

Խաղալ