ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԽՈՀԱՆՈՑԸ

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԽՈՀԱՆՈՑԸ 2

ՓԹԻԹ-ի այս թարմացումի նիւթը հայկական խոհանոցն է։

Կարդալ ամբողջութեամբ

ՆՈՒՌԻՆ ԲԱԶՄԱԹԻՒ ԵՒ ԱՆՄՐՑԵԼԻ ՕԳՈՒՏՆԵՐԸ

Նուռը կը նկատուի ամէնէն առողջարար պտուղներէն։

Կարդալ ամբողջութեամբ

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԽՈՀԱՆՈՑԻՆ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ

Հայկական ազգային խոհանոցը մեր պատմութեան, կենցաղին ու աւանդութիւններուն առանձնայատկութիւնները կ'արտացոլէ։

Կարդալ ամբողջութեամբ

ԳԻՏԵ՞Ս ՏՈՒԵԱԼ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒ ԱԶԳԱՅԻՆ ՈՒՏԵՍՏԸ

Երկրորդ սիւնակի ուտեստներէն շատերը քեզի ծանօթ պէտք է ըլլան եւ վստահաբար անոնցմէ մի քանին շա՜տ կը սիրես: Իսկ գիտե՞ս այդ ուտեստին հայրենիքը: Ապա, ձախ կողմի սիւնակի իւրաքանչիւր երկիրը միացո՛ւր աջ սիւնակի համապատասխան ուտեստին։ Բարի ախորժակ...

Խաղալ

ԿՐՆԱ՞Ս ԸՆՏՐԵԼ ՃԻՇԴ ՊԱՏԱՍԽԱՆԸ

Հաւանաբար ուտել կը սիրես: Մանաւանդ, տնական համեղ ուտեստներ: Իսկ գիտե՞ս թէ սիրած ճաշիդ մէջ ի՞նչ բաղադրիչներ կան: Հետեւեալ հարցումներէն իւրաքանչիւրին տրուած է 3 հաւանական պատասխան։ Փորձէ՛ ընտրել ճիշդը եւ իմացիր, թէ ինչո՞վ կը պատրաստուի տիրած ճաշատեսակդ:

Խաղալ

ԽԱՉԲԱՌ
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՈՒՏԵՍՏՆԵՐՈՎ

Տուեալ ուտեստներու անունները տեղադրէ՛ խաչբառին մէջ։

Խաղալ

ՈՒՂՂԱԳՐԱԿԱՆ ԽԱՂ ԲԱՆՋԱՐԵՂԷՆՆԵՐՈՎ ԵՒ ԸՆԴԵՂԷՆՆԵՐՈՎ

Շա՜տ ճաշեր կը պատրաստուին բանջարեղէնով եւ ընդեղէնով*: Մանաւանդ բուսակերներու համար, անոնք շատ սիրելի եւ կարեւոր են: Ուրեմն սորվինք այդ բանջարեղէնները ինչպէ՞ս կը գրուին: Հետեւաբար, ամբողջացո՛ւր բառերուն պակսող տառերը ընտրելով կողքին տրուած տառերէն ճիշդը։

Խաղալ

ՊԱՀՈՒԱԾ ԲԱՌԸ
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՈՒՏԵՍՏՆԵՐՈՒ ՄԷՋ

Ցանցին մէջ ջնջէ՛ տուեալ բառերը, ապա մնացեալ տառերով կազմէ՛ պահուած բառը, որ շատ կարեւոր է այս բոլոր ուտեստները ըմբոշխնելու* համար: Բառերը ջնջել հորիզոնական շարքերու եւ ուղղահայեաց սիւնակներու վրայ, երկու ուղղութեամբ։
Պահուած բառը գտնելէ ետք տեղադրէ վարի տուփիկին մէջ։

Խաղալ

ՏԱՐԲԵՐՈՒԹԵԱՆ ԽԱՂ

Տարբերութիւններէն ոմանք գտնելը բաւական սուր աչք կ'ուզէ: Ապա, տեսնենք, որքան ժամանակէն պիտի գտնես եօթը տարբերութիւնները: Սկսանք. մէկ, երկու, երեք...

Խաղալ