ԱՌԻՒԾԻՆ ՄՌՆՉԻՒՆԸ

Ժամանակին առիւծ մը կար, որ չէր կրնար մռնչել։ Միւս կենդանիները ասկէ տեղեակ չէին, որովհետեւ առիւծը՝ մանկութենէն գիտակցելով իր վիճակին, սովորութիւն ըրած էր ցած ձայնով խօսիլ եւ մեղմօրէն համոզել միւս կենդանիները։ Այսպիսով ան կը վայելէր բոլորին վստահութիւնն ու համակրանքը։

Օր մը, երբ առիւծը ի զուր կը փորձէր անմիտ խոզուկի մը բան մը հասկցնել, այնքան ջղայնացաւ, որ պէտք զգաց մռնչելու, բայց իր անկարողութիւնը անհանգստացուց զինք։ Ուրեմն որոշեց լուծում մը գտնել այս հարցին։ Շաբաթներով աշխատեցաւ եւ շինեց մեքենայ մը, որ մռնչիւնի նմանող ձայն կը հանէր։

Այդ օրէն ետք առիւծը սկսաւ յաճախ օգտագործել այդ մեքենան, ինչ որ սարսափեցուց անտառին բոլոր կենդանիները, որոնք սկսան խուսափիլ իր ներկայութենէն։

Առիւծը սկսաւ մինակ ու մեկուսացած* զգալ, բայց շուտով անդրադարձաւ, որ ուշադրութիւն գրաւելու եւ ինքզինք պարտադրելու համար ինք պէտք չունէր մռնչելու կամ գոռալու։ Ան որոշեց վերադառնալ իր նախկին սովորութեան, եւ մեքենային փոխարէն վերստին սկսաւ օգտագործել իր մեղմ ձայնն ու ոճը, որով կրցաւ կրկին սիրաշահիլ* բոլոր կենդանիներուն բարեկամութիւնը։

Այս պատմութիւնը ցոյց կուտայ, որ մեղմ ոճն ու հեզ վերաբերմուքը շատ աւելի ազդու են, քան բարձր ձայնը կամ գոռալը։