ԾՆՈՒՆԴԻ ԱՍՏՂԸ

Երկինքի աստղերէն հատ մը կար, որ ամենէն գեղեցիկն ու փայլունն էր։ Բոլոր աստղերը հիացումով կը նայէին անոր, իսկ աստղն ալ հպարտ ու գիտակից էր իր անմրցելի գեղեցկութեան։

Օր մը խումբ մը հրեշտակներ կու գան եւ գեղեցիկ աստղին կը տեղեկացնեն, թէ Աստուած զինք ընտրած է կարեւոր առաքելութեան* մը համար։

Աստղը մեծ ուրախութեամբ եւ հպարտութեամբ կը հետեւի հրեշտակներուն, որպէսզի զինք առաջնորդեն այն վայրը, ուր ինք պիտի լուսաւորէր իր փայլքով։ Օրեր ետք հրեշտակները կանգ կ’առնեն՝ աստղին ըսելով, թէ հասած են որոշեալ վայրը։ Աստղը զարմացած կը նայի շուրջբոլորը եւ փոխանակ, ըստ իր ակնկալութեան, շքեղ պալատներ տեսնելու, կը տեսնէ աղքատ եւ լքուած գոմ մը, ուր տեղի պիտի ունենար կարեւոր պատահար* մը։ Աստղը բարկացած կ’ըսէ.
- Ես չեմ կրնար իմ փայլքս ու գեղեցկութիւնս վատնել նման տեղի մը վրայ։

Հակառակ որ հրեշտակները կը փորձեն հանդարտեցնել զինք, սակայն աստղին զայրոյթը* հետզհետէ կ’աւելնայ այն աստիճան, որ կը սկսի այրիլ ինքզինք սպառելով։

Մեծ պատահարին մի քանի օր մնացած էր, եւ աստղ մը չկար լուսաւորելու զայն, ուստի հրեշտակները տագնապած կ՚երթան Աստուծոյ քով եւ անոր կը տեղեկացնեն պարագան։ Աստուած քիչ մը մտածելէ ետք կ’ըսէ.
- Փնտռեցէ՛ք ամենէն փոքր, համեստ բայց զուարթ աստղը եւ հոս բերէք։

Հրեշտակները կ’աճապարեն կատարելու Աստուծոյ հրահանգը եւ կ’երթան եւ կը գտնեն ամենէն փոքրիկ եւ զուարթ աստղը եւ զայն կը բերեն Աստուծոյ քով։ Աստուած կ’ըսէ.
- Ամենէն գեղեցիկ ու կատարեալ աստղը ձախողեցաւ իր հպարտութեան պատճառով, ուստի մտածեցի ընտրել ամենէն փոքրիկ աստղը, որ լուսաւորէ պատմութեան կարեւորագոյն իրադարձութիւնը*՝ Յիսուս մանուկի ծնունդը Բեթղեհէմի մէջ։

Փոքրիկ աստղը կ’ուրախանայ, սակայն կը մտածէ, թէ իր լոյսը բաւարար պիտի չըլլար նման առիթի մը համար։ Ուստի կը հրաւիրէ երկինքի բոլոր աստղերը, որպէսզի իրեն հետ մասնակցին այդ կարեւոր իրադարձութեան։ Բոլոր աստղերը կ’ընդառաջեն* փոքրիկ աստղին հրաւէրին եւ բոլորը միասնաբար կը կազմեն Ծնունդի ամենէն գեղեցիկ աստղը։ Աստուած շատ գոհ կը մնայ փոքրիկ աստղին համեստութենէն եւ անոր կու տայ փափաքներ իրականացնելու շնորհը։

Այս պատմութիւնը ցոյց կու տայ, որ հպարտութիւնը եւ ինքնահաւանութիւնը ժխտական անդրադարձ կ’ունենան անձին վրայ։