ԿՐՆԱ՞Ս ԸՆՏՐԵԼ ՃԻՇԴ ՊԱՏԱՍԽԱՆԸ


Սիրելի՛ մանուկ եւ պատանի ընթերցող: Այս բաժինը նոր է ՓԹԻԹ-ի խաղերուն մէջ: Մեր նպատակն է զարգացնել քու գիտելիքներդ տուեալ նիւթին մէջ: Ուրեմն, հետեւեալ հարցումներէն իւրաքանչիւրին տրուած 3 հաւանական պատասխաններէն փորձէ՛ ընտրել ճիշդը։


Քանի՞ տեսակ ծաղիկ կայ բնութեան մէջ։

15.000 տեսակ
250.000 տեսակ
400.000 տեսակ

Ո՞րն է ամէնէն գեղեցիկ ծաղիկը, որ կը կոչուի պարտէզի թագուհին։

վարդը
կակաչը
յակինթը

Դարեր առաջ Հոլանտայի մէջ ո՞ր ծաղիկը աւելի արժէքաւոր էր քան ոսկին։

շուշանը
վարդը
կակաչը

Ո՞ր ծաղիկը թունաւոր է կատուներուն համար ։

խոկիկը
գերմաստը
շուշանը

Ո՞ր գոյնի ծաղիկները աւելի զօրաւոր բոյր ունին։

կարմիր
ճերմակ
վարդագոյն