Այծեր Եւ Գայլեր

Այծերը հաւաքուեցան եւ գայլերուն պատգամ ուղարկեցին ու ըսին. "Ինչո՞ւ մեր մէջ խռովութիւն ըլլայ եւ ոչ՝ խաղաղութիւն"։ Գայլերը շատ ուրախացան եւ այծերուն անթիւ նուէրներով հետեւեալ պատգամը ուղարկեցին. "Լսեցինք ձեր բարի խորհուրդը եւ գոհ ենք Աստուծմէ, որովհետեւ մեզի համար մեծ ուրախութիւն կը պատճառէ խաղաղութիւնը։ Յայտնենք նաեւ, որ հովիւն ու շուներն են պատճառը մեր կռիւին ու խռովութեան։ Հետեւաբար, եթէ զանոնք վերցնենք մէջտեղէն, շուտով խաղաղութիւնը կը վերահաստատուի"։

Այծերը լսեցին, հաւատացին ու ըսին. "Իրաւացի են գայլերը, որ մեզ կը սպաննեն, որովհետեւ շուներն ու հովիւը զիրենք կը հալածեն"։ Այսպիսով, այծերը վտարեցին շուներն ու հովիւը եւ երդում ըրին հարիւր տարի մնալ անխախտ սիրով։ Այծերը ցրուեցան լեռներն ու դաշտերը եւ սկսան ուրախանալ, ցնծալ ու խաղալ, որովհետեւ կ՛արածէին լաւ արօտներուն մէջ, կ՛ուտէին համեղ խոտեր, կը խմէին պաղ ջուրեր եւ կը վազվզէին, փառք տալով որ հասան լաւ ժամանակներու։
Գայլերը հարիւր օր համբերեցին, ապա հաւաքուեցան, յարձակեցան այծերուն վրայ եւ կերան զանոնք։

Վարդան Այգեկցի