ԲՈՒՆ ԵՒ ՄՈՐԵԽԸ

Ծեր բու մը կար, որ բուերու սովորութեան համաձայն, ցերեկը կը քնանար եւ գիշերը կ’արթննար միջատներ որսալու եւ ուտելու համար։

Օր մը, երբ ծեր բուն կը քնանար կաղնի ծառի մը վրայ, մորեխ* մը կը սկսի երգել եւ անհանգստացնել բուն, որ ջղայնացած կ’ըսէ մորեխին.


-- Կորսուի՛ր հոսկէ, չե՞ս ամչնար եւ առանց տարիքս յարգելու կ’անհանգստացնես զիս։

Մորեխը կը պատասխանէ.

-- Ես ալ իրաւունք ունիմ ծառին վրայ արեւուն ճառագայթները վայելելու,-- եւ կը սկսի աւելի բարձր երգել։

Խելացի բուն կը գիտակցի, որ մորեխին հետ վիճիլը անիմաստ է, մանաւանդ որ ցերեկը լաւ չէր տեսներ, որ բռնէր ու պատժէր մորեխը, ուստի մեղմ ձայնով կ'ըսէ.

-- Շատ լաւ, եթէ արթուն պիտի մնամ, ուրեմն վայելեմ երգդ։ Քովս ընտիր գինի ունիմ, հրամմէ՛, միասին խմենք եւ ուրախանանք։

Անմիտ մորեխը կը հաւատայ բուին անուշ խօսքերուն եւ ցատկելով կ’երթայ անոր փչակը*, ուր ան անմիջապէս կը բռնէ զայն եւ կ’ուտէ։

Այս առակը ցոյց կու տայ, որ թշնամիներուն շողոքորթ* խօսքերուն պէտք չէ հաւատալ։